2015-05-11 10:32:00

Թոկոյի եպիսկոպոսներու կանոնական այցելութիւնը` Թոկոյի եկեղեցին-տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Թոկոյի հանրապետութիւնը  կը գտնուի Ափրիկէի արևմուտքը, 56.600 քլմ. քառակուսի տարածքով։ Բնակչութիւնը` շուրջ  6.284,000։ Կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 25 տոկոսը, այլ քրիստոնեաներ` 8 տոկոսը, մահմետականները` 9 տոկոսը եւ բնակչութեան աւելի քան 50 տոկոսը կը հետեւի տեղական աւանդական կրօններու։

Թոկոն առաւելապէս գիւղատնտեսական երկիր է։ 19-րդ դարուն Թոկոյի տարածքին առաջինն ջ իշխանութիւն հաստատողները եղան գերմանացի գաղութարարներ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին, Գերմանիայի պարտութենէն յետոյ Թոկոյի արևմտեան մասը դարձաւ Մեծ Բրիտանիայի իշխանութեան տակ մինչ արևելեան մասը հպատակուեցաւ Ֆրանսիայի։

Ազգային-ազատագրական շարժման արդիւնքին 1956-ին Ֆրանսիական Թոկոն հռչակուեցաւ ինքնավար հանրապետութիւն, 1960-ին՝ անկախ պետութիւն, իսկ Անգլիական  Թոկոն 1956 -ին միաւորուեցաւ Ոսկէ ափ անգլիական գաղութին, որը 1957 -ին հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն՝ Կանա։

Եկեղեցական կառոյցը

Թոկոյի կաթողիկէ եկեղեցին ունի արքեպիսկոպոսական մէկ թեմ ու անոր ենթակայ 6 եպիսկոպոսական թեմեր։ Լիոնի (ֆրանսա) ափրիկեան միսիոնարներու միաբանութիւնը 1882-ին սկիզբ տուաւ Թոկոյի աւետարանութեան։ 1886-ին  հայր Geremia Moran, հիմնադիրը եղաւ Տոքոյի առաքելութեան։ 1892-ին Աստուածային Բան կոչուած միաբանութիւնը (գերմանացի)  ստանձնեց Աւետարանի քարոզութիւնը եւ 1902-ին  Լոմէյի մէջ օծուեցաւ  առաջին եկեղեցին։  1914-ին Թոկոն կը դառնայ Առաքելական Փոխանորդութիւն, սակայն առաջին համաշխարհային պատերազմի պատճառաւ գերմանացի միսիոնարները նախ կ՛արգելափակուին ապա երկրէն կը վտարուին։ 1921-ին Լիոնի հայրերը դարձեալ  Թոկօ կը հաստատուին եւ առաջին տեղացի քահանան կը ձեռնադրուի 1930-ին։ 1964-ին  կը հիմնուի Թոկոյի նուիրապետութիւնը եւ տեղացի  եպիսկոպոս  Dosseh կը դառնայ առաջին արքեպիսկոպոսը` Լոմէ արքեպիսկոպոսական թեմին։ 8 Հոկտեմբեր 1985-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Թոկոյի եկեղեցւոյ։

1997-ին Ռատիօ Մարիա ձայնասփիւռը կը սկսի գործել շնորհիւ Ռատիօ Վատիկանի  հետ հաստատած ուղղակի կապին։

1998-ին Թոկոյի եկեղեցին մեծ շուքով կը տօնախմբէ ''Lago Togo''  Տիրամօր սրբավայրին 25-րդ տարեդարձը։

2009-ին լոյս կը տեսնէ  Նոր Կտակարանի  լման  թարգմանութիւնը տեղական  լեզուով։ Նշենք որ Թոկոյի եկեղեցին  ափրիկեան այլ եկեղեցիներու շարքին կը պարտին իրենց անկախութիւնն  ու նուիրապետութեան ստեղծումը երջանկայիշատակ կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի կամքին, որ 60-ական տարիներուն կը վարէր ժողովուրդներու աւետարանութեան  ժողովի կառավարիչի պաշտօնը։  

Թոկոյի եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները

Թէեւ Թոկոյի բնաբանն է ''աշխատանք, ազատութիւն, հայրենիք'' սակայն երկրին  այս ձգտումը իրականութենէն շատ հեռու է։ Բարգաւաճումի տեսակէտով  Թոկօ կը գրաւէ 166-րդ տեղը համաշխարհին գետնի վրայ։ Թոկոյի եկեղեցւոյ մարտահրաւէրներն են`  ազգային հաշտութիւնը, գործազրկութիւնը, բնակչութեան աւելորդապաշտութիւնը, աղանդներու բազմացումը, միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, համամիութիւնը, իսլամութեան արագ  ծաւալումը ու անոր հետեւանքով ծայրայեղ մահմետականներու ներկայութիւնը` որ մեծապէս կը մտահոգէ Թոկոյի նուիրապետութիւնը։

Եկեղեցին լրջօրէն կ’աշխատի աշխարհականներու ու քահանաներու վերակազմաւորումի ուղղութեամբ, Աւետարանը պատշաճեցնելով երկրի մշակոյթին ու աւանդութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.